2017-03-25 09:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Միլանօ` Եւրոպայի ամենամեծ թեմը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 25 Մարտ 2017-ի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնեցաւ Միլանօ ուր ժամանեց առաւօտեան 8-ին Միալնոյի Լինաթէ օդակայան եւ դիմաւորուեցաւ Միլանօ թեմին առաջնորդ Կարդինալ Անճելօ Սքոլայի եւ անոր ընկերացող եկեղեցական ու քաղաքական տեղական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ։

Նշենք թէ այս չորրորդ անգամն է որ Միլանը կը հիւրընկալէ Սուրբ Պետրոսի մէկ յաջորդը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1983-ին եւ 1984-ին ու Պենետիկտոս ԺԶ-ին 2012-ին կատարած հովուական այցելութիւններէն ետք։ 

Նորին Սրբութիւնը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը Միլանոյի օդակայանէն ուղղուեցան դէպի Ֆորլանինի թաղամաս ուր Սրբազան Քահանայապետը, Միլանոյի թեմին կատարած այցելութեան ծիրէն ներս ունեցաւ առաջին հանդիպումները այցելելով Միլանոյի  Case Bianche – սպիտակ տուներու - մէջ ապրող ու թշուառ կացութեան մէջ գտնուող  երեք ընտանիքներ` երկուքը իտալացի իսկ մին մարոքցի։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ`  Case Bianche – սպիտակ տուներու  բացօթեայ տարածքին վրայ հանդիպում ունեցաւ այնտեղ ապրող բնակչութեան հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար ու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն պարգեւած երկու յատուկ նուէրներուն համար. առաջինը` ձեռագործ ուրար մը, որ կը յատկանշէ քահանայութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը, յայտնելով թէ Ինք Միլանօ եկած է որպէս քահանայ։ Քրիստոնեայ Քահանան ընտրուած է ժողովուրդէն ու տրամադրուած է ծառայելու ժողովուրդին, ու Իմ քահանայութիւնս նման ձեր ժողովրդապետին ու այլ քահանաներուն, Քրիստոսի պարգեւ է,սակայն հիւսուած է ժողովուրդին կողմէ, անոր հաւատքով, անոր ճգնութեամբ ու աղօթքներով անոր արցունքներով, ահա թէ ինչ կը ներկայացնէ ձեռագործ այս ուրարը ինծի համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  ու մատնանշեց երկրորդ նուէրին` Միալնոյի Տիրամօր (Մատոննինա) Սրբապատկերը` վերանորոգումէն առաջ ու վերջ։

Այս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ինծի կը յիշեցնէ Աստուածամօր մտահոգութիւնն ու հոգածութիւնը որ կը փութայ Եղիսաբեթին հանդիպելու, այս է նաեւ Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը­, ան ինքն իրմէ դուրս կ՛ելլէ ու կը հանդիպի բոլորին, անոնց տանելով Յիսուսը` որ է մարդացած Աստուծոյ սէրը որ իմաստ կու տայ մեր կեանքին ու մեզ կ՛ազատէ չարէն։ Ահա թէ ինչ կը նշանակէ Տիրամօր սրբապատկերին վերանորոգումը, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Եկեղեցին եւս կարիքը ունի վերանորոգուելու։

Թոյլ տանք որ Աստուած իր ողորմութեամբ վերանորոգէ մեզ։ Թոյլ տանք որ մեր սրտերը մաքրուին, յատկապէս այս քառասնորդացի ընթացքին։ Տիրամայրը առանց մեղքի է, Թող որ Ան մեզի սորվեցնէ ինչպէս թոյլ տալ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր սրտերը մաքրէ, որպէսզի վկայենք Յիսուսի սրբութիւնը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու արտասանած ողջոյնի խօսքը եզրափակեց  դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, ապա խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.